2017-06-28 10:04:00

Հրապարակային ունկնդրութիւն. ''Քրիստոնէական յոյսը`մարտիրոսներու ուժ''։


«Ահա՛ կը ղրկեմ ձեզ իբր ոչխարներ՝ գայլերու մէջ. ուրեմն խորագէ՛տ եղէք օձերու պէս, եւ աննենգ՝ աղաւնիներու պէս: Իսկ զգուշացէ՛ք մարդոցմէ. որովհետեւ ատեաններու պիտի մատնեն ձեզ, ու պիտի խարազանեն ձեզ իրենց ժողովարաններուն մէջ:

 Եղբայրը մահուան պիտի մատնէ իր եղբայրը, եւ հայրը՝ զաւակը. ու զաւակներ պիտի ելլեն իրենց ծնողներուն դէմ եւ մեռցնեն զանոնք:  Բոլորին ատելի պիտի ըլլաք իմ անունիս համար. բայց ո՛վ որ տոկայ մինչեւ վախճանը, անիկա՛ պիտի փրկուի: (Մատթէոս 10, 16-17, 21-22)

 

(Ռատիօ Վատիկան) Մատթէոսի աւետարանէն քաղուած այս հատուածին վրայ հիմնուելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց  հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը, չորեքշաբթի 28 յունիս 2017-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

''Այսօր պիտի  խորհրդածենք Քրիստոնէական յոյսի մասին որպէս մարտիրոսներու ուժ։ Երբ Աւետարանին մէջ Յիսուս իր աշակերտները կ՛ուղարկէ առաքելութեան, զանոնք չի խաբեր դիւրին յաջողութիւններու պատրանքով, ընդհակառակը, զանոնք կը զգուշացնէ ըսելով թէ` Աստուծոյ Արքայութեան հռչակումը միշտ ունի հակառակութիւններ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ մէջբերելով Յիսուսին խօսքերը` ''Իմ անունիս համար ձեզ պիտի ատեն'' (Մատթ 10,22)։

''Քրիստոնեաները կը սիրեն, սակայն իրենք միշտ ալ չեն սիրուած'' ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը նշելով թէ ''Յիսուս մեզ դէմ յանդիման կը դնէ այդ իրականութեան''։ Քրիստոնեաները արդարեւ հակահոսանք ընթացող մարդիկ ու կիներ են, ոչ թէ  կռուախնդիր հոգիի բերումով այլ Աստուծոյ Արքայութեան տրամաբանութեան հաւատարմութեան պատճառաւ, որ է յոյսի տրամաբանութիւն, որ կը նշանակէ հետեւիլ Յիսուսին ընծայած կեանքի ոճին որուն ապրելակերպի առաջին ոճը` աղքատութիւնն է։

Արդարեւ այն քրիստոնեան որ խոնարհ եւ աղքատ չէ, որ հարստութենէն ու իշխանութենէն խզուած չէ,  Յիսուսին չի նմանիր։ Քրիստոնեան իր այս աշխարհի ուղեւորութիւնը կ՛ապրի` սիրտը լի սիրով ու անոր համար իսկական ձախողութիւնը` ոխի ու բռնութեան մեղքի մէջ իյնալն է, չարին համապատասխանելով չարութեամբ – հաստատեց ապա Քահանայապետը ընդգծելով թէ ''Քրիստոնեային միակ ուժը Աւետարանն է ու թէ ''նոյնիսկ ամենէ դժուար պահերուն­, հարկաւոր է հաւատալ որ Յիսուս մեր առջեւէն կը քալէ եւ չի դադրիր մեզի ընկերանալէ''։

Հալածանքը աւետարանին հակասութիւն մը չէ այլ անոր մաս է – ըսաւ ապա  Սրբազան Պապը, ու հրաւիրեց որպէս ''Քրիստոնեաներ գտնուիլ Աստուծոյ ընտրած կողմը. Ոչ թէ հալածողներ այլ հալածուածներ, ոչ թէ ինքնահաւան այլ հեզ, ոչ թէ դատարկութիւն վաճառողներ, այլ ճշմարտութեան հպատակ, ոչ թէ վարձկաններ այլ ազնիւ մարդիկ''։ 

''Յիսուսի ոճին հաւատարմութիւնը, մինչեւ մահ, առաջին քրիստոնեաներու կողմէն անուանուեցաւ ''մարտիրոսութիւն'' որ կը նշանակէ վկայութիւն'' ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ մարտիրոսները չեն ապրիր իրենց համար, չեն պայքարիր իրենց մտքերը բանեցնելու համար ու կ՛ընդունին մեռնիլ միայն Աւետարանի հաւատարմութեան համար։

''Մարտիրոսութիւնը քրիստոնէական կեանքի ամենավսեմ իտէալը չէ, որովհետեւ մարտիրոսութենէն անդին կայ սէրը, սէր Աստուծոյ ու մերձաւորին նկատմամբ'' նշեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ու մէջբերեց  Սուրբ Պօղոսին խօսքերը ''Եւ եթէ սնուցանեմ աղքատները՝ իմ ամբողջ ինչքովս, ու մարմինս այրուելու ընծայեմ, բայց սէր չունենամ, ես օգուտ մը չեմ ունենար'' (Ա. Կորընթ 13,3)։

Քրիստոնեաները կը մերժեն այն գաղափարը որ անձնասպան ահաբեկիչները կարող են մարտիրոս անուանուիլ, որովհետեւ անոնց գործած արարքին մէջ ոչ մի բան կարող է մօտենալ Աստուծոյ զաւակներու վարուելակերպին - դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով անցեալի եւ ներկայի մարտիրոսներու ուժին ու զօրութեան որ ոգեւորուած է մեծ յոյսէ` այն վստահելի յոյսը` թէ ''ոչ մէկ բան եւ ոչ մէկը կարող է զանոնք բաժնել Աստուծոյ սէրէն որ մեզի տրուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ''։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հայցեց որ  ''Աստուած միշտ մեզի պարգեւէ ուժը` ըլլալու Անոր վկաները։ Թող որ մեզի պարգեւէ քրիստոնէական յոյսը` մասնաւորապէս թաքնուած մարտիրոսութեան մէջ­, որ կը կայանայ լաւ եւ սիրով կատարել մեր ամենօրեայ պարտականութիւնները – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները եւ ի վերջոյ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն, ակնարկելով վաղը նշուելիք Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին։

''Սիրելի երիտասարդներ մարտիրոսներու քաջութենէն սորվեցէք վկայել Աւետարանն ու արժէքները որոնց կը հաւատաք։ Սիրելի հիւանդներ, առաքեալներու սէրը Տիրոջ նկատմամբ ձեզի համար ըլլայ յոյս անձկութեան ու տառապանքի պահերու ընթացքին ու դուք սիրելի նորապսակներ, ձեր զաւակներուն սորվեցուցէք առաքինութիւններու նկատմամբ սէրը ու նուիրումը ի սպաս Աստուծոյ եւ եղբայրներուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.